2012-11-01 10:44:22

Ե Ո Ւ Ք Ա Թ
Կամ, Քրիստոնէականը` բացատրուած երիտասարդներուն


Զրոյց Երեսուն­ութերորդ – Գլուխ Գ.ԿԸ ՀԱՒԱՏԱՄ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅՆ
ՄԻԱԿ, ՍՈՒՐԲ, ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԵՒ ԱՌԱՔԵԼԱԿԱՆ (4)


Հարցում թիւ 136. Ի՞նչ է Եկեղեցւոյ տեսակէտը միւս կրօնքներուն նկատմամբ։
Եկեղեցին կը յարգէ այն ինչ որ բարի եւ ճշմարիտ է միւս կրօնքներուն մէջ։ Ան արժէք կ՛ընծայէ եւ կը պայքարի կրօնական ազատութեան ի նպաստ, որպէս մաս կազմող մարդկային իրաւունքներուն։ Սակայն գիտէ եւ կը հաստատէ թէ Յիսուս­Քրիստոս է միակ Փրկիչը բոլոր մարդկութեան. Ան է միայն ճանապարհը, ճշմարտութիւնն ու կեանքը (Յովհաննէս 14,6)։
Այն անձը որ զԱստուած կը փնտռէ, մեզի` քրիտոնեաներուս մօտ է։ Յատկապէս Իսլամները մաս կը կազմեն մեր հոգեւոր ազգականական շրջանակին։ Հրէութեան եւ քրիստոնէութեան նման` Իսլամութիւնը միաստուածեան կրօնք մըն է։ Իսլամները կը պաշտեն ստեղծիչ Աստուածը եւ կը նկատեն Աբրահամը որպէս իրենց հայրը` հաւատքի մէջ։ Ըստ Քուրանին, Յիսուս մեծ մարգարէ մըն է եւ իր մայրը` Մարիամ, մարգարէի մայրն է։ Եկեղեցին կ՛ուսուցանէ թէ բոլոր մարդիկը որոնք, առանց իրենց յանցանքին, չեն ճանչնար Քրիստոսը եւ Եկեղեցին, այլ անկեղծօրէն զԱստուած կը փնտռեն եւ կը հետեւին իրենց խղճի ձայնին, կը ստանան յաւիտենական փրկութիւնը։ իսկ ընդհակառակը` այն որ ճանչցած է թէ Յիսուս ճանապարհ, ճշմարտութիւն եւ կեանք է, եւ չէ հետեւած անոր, անիկա պիտի չի գտնէ փրկութիւնը ուրիշ ճամբաներով։ Նախադասութիւնը որ կ՛ըսէ ՙExtra Ecclesiam nulla salus՚, այսինքն` Եկեղեցիէն դուրս` փրկութիւն չկայ, այսպէս կը բացատրուի։








All the contents on this site are copyrighted ©.